2017-02-02 11:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 փետրուարի գործունէութիւնը` Տեառնընդառաջի Սուրբ Պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 2 փետրուար 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, առաւօտեան ժամը 10,00ին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց  Սուրբ Աթոռի ՝՝աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար՝՝  ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Քեւին Ժոզէֆ Ֆարելը, որմէ ետք ընդունեց Առաքելական դատական վերին ատեանի կառավարիչ՝ կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, ապա ժամը 11,00-ին, Սրբազան Հայրը ընդունեց Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ժողովի քարտուղարութեան պատգամաւոր՝ գերապայծառ Ժանփիերօ Տալ Թոզօ, որ վերջերս յատուկ առաեքելութեամբ այցելութիւն տուած էր Սուրիա ու յատկապէս Հալէպի բնակչութեան ։

Յետմիջօրէին, ժամը 5. 30ին, Յիսուսի տաճար ընծայման տօնի  եւ անձինք նուիրեալներուն 21-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ , անձինք նուիրեալներու միաբանութիւններու եւ առաքելական կեանքի  ընկերութեան անդամներուն  հետ , Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին, կը ցուցադրուի,  Իտալիոյ Ժելա Թեմի հաւատացեալներու կողմէ բերուած Ողորմութեան Մայր սրբապատկերը,

Յայտնենք,  թէ այս տարի անձինք նուիրեալներու համաշխարհային օրը,   կոչումներուն պարգեւին համար, յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ՝   աղօթելու եւ գոհութիւն յայտնելու համար Աստուծոյ,  ի տես նաեւ յառաջիկայ  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, որուն կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ   ՝՝Երիտասարդները, հաւատքը, եւ կոչումի զատորոշումը՝՝ 








All the contents on this site are copyrighted ©.